Էրտողանի ընտանիքին արտասահման պահուած գումարներուն մասին Քըլըճտարօղլուի ներկայացուցած փաստաթուղթերը կեղծ կ՛որակուին

By Asbarez | Friday, 01 December 2017

1201kemal

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահի մերձաւորներուն կողմէ արտասահման փախցուած միլիոնաւոր տոլարներու պնդումով՝ ընդդիմադիր կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կողմէ կատարուած ամբաստանութեամբ սկսած վէճը տակաւին կը շարունակուի։

Անսալով նախագահի կոչին՝ Քըլըճտարօղլու ցոյց տուաւ փաստաթուղթեր դրամատուներու պաշտօնական հաշուեցուցակներէն՝ պնդելով, որ նախագահ Էրտողանի որդին, խնամին, եղբայրը եւ քեռայրը միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցած են արտասահման։

<<Այսպիսի գումարներ ի՞նչ նպատակով կրնային ղրկուած ըլլալ այսպիսի հեռաւոր ընկերութեան մը։ Այս փաստաթուղթերը միայն մեր քովը չեն, ընկերութեան արձանագրութիւններուն մէջ ալ կան անոնք>>, նախապէս ըսած էր Քըլըճտարօղլու՝ Էրտողանը հրաւիրելով հրաժարելու նախագահի պաշտօնէն։

Քըլըճտարօղլու իր այս ծանրակշիռ ելոյթին ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ սուրիացիներու կատարուած օգնութեանց հարցին։ Ան յիշեցուցած էր, թէ Էրտողան շարունակ կը կրկնէ, որ սուրիացիներուն հսկայական օգնութիւն կատարուած է, սակայն փաստօրէն <<սուրիացիները հոս անօթի ու թշուառ վիճակ ունին>>՝ բացատրութիւն պահանջելով, թէ այդ դրամը որո՞նց տրուած է։

Սակայն, փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ Քըլըճտարօղլուի կողմէ ցոյց տրուած փաստաթուղթերը <<կեղծ>> անուանեց։ <<Մեր նախագահ Էրտողանի ընտանիքի անդամներուն մասին Քըլըճտարօղլուի բոլոր ըսածները սո՛ւտ են, զրպարտութի՛ւն են>>, ըսաւ Պոզտաղ։ Ան նաեւ պնդեց, որ Քըլըճտարօղլու այս մեծ գայթակղութենէն ետք պէտք է հրաժարի ու ներողութիւն խնդրէ։

 



comments