Զարրապ կաշառած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարը

By Asbarez | Friday, 01 December 2017

1201zarrab

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Նիւ Եորք Թայմզ>> - Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին մօտիկ առեւտրական Ռըզա Զարրապ, որ Իրանի դէմ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումի օրէնքները խախտելու յանցանքով ամբաստանեալի հանգամանքէն <<շրջանաւարտ>> ըլլալով՝ այժմ վերածուած է վկայի, Նոյեմբեր 29ին տուած իր վկայութեան ընթացքին ըսած է, որ ինք կաշառած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարը, իրականացնելու համար իրանեան քարիւղի փոխարէն ոսկի եւ կանխիկ գումարներ վճարելու ճամբով իր ապօրինի առեւտուրը, որուն գումարը մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլարի հասած է։

Նշենք, որ Զարրապ մէկն է 9 ամբաստանեալներէն, որոնցմէ միայն երկուքը այժմ ձերբակալուած կը մնան։ Ձերբակալուած երկրորդ ամբաստանեալն է թրքական <<Հալքպանք>> դրամատան տնօրէնի տեղակալ Հաքան Աթիլլա, որուն դատավարութեան ընթացքին էր, որ Զարրապ տուած է նշեալ վկայութիւնը։ Միւս ամբաստանեալներու շարքին են՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Զաֆեր Չաղլայեան եւ <<Հալքպանք>>ի նախկին տնօրէն Սուլէյման Ասլան։

Զարրապ նաեւ խոստովանած է, թէ ինք փաստաբաններ վարձած է՝ իր ազատութիւնը ապահովելու նպատակով բանտարկեալներ փոխանակելու համաձայնութիւն մը իրականացնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Ան անուն չէ յիշած, սակայն յայտնած է, որ անցեալին գործակցած է Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Ռուտի Ճիւլիանիի հետ։

Զարրապ բացատրած է, թէ ինք որոշած է իր յանցանքը ընդունիլ եւ ամերիկեան դատական իշխանութեանց հետ գործակցիլ՝ ամենականուխ առիթով բանտէն ազատելու համար։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչակազմը խստօրէն կը քննադատէ այս հետապնդումը եւ տարբեր միջոցներով կը փորձէ կասեցնել զայն։

 



comments