Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ ռազմափորձերը պիտի բազմանան

By Asbarez | Friday, 01 December 2017

1201mamed

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ Թուրքիոյ օդային ուժերու հրամանատար Հասան Քիւչիւքաքիւզ Պաքուի մէջ Նոյեմբեր 30ին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ընգծած են երկու երկիրներու զինուած ուժերուն կողմէ միացեալ ռազմափորձերը բազմացնելու անհրաժեշտութիւնը. այս մասին կը գրէ ատրպէյճանական <<Մինվալ>> լրատուական կայքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յաւելեալ ռազմափորձերու կարելիութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան ցամաքային եւ օդային ուժերուն մասնակցութեամբ:

Կողմերը խօսած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան ընդարձակման նպատակով փորձագիտական խումբերու փոխադարձ այցելութիւնները աշխուժացնելու մասին:

 



comments