By Asbarez | Friday, 01 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Վահան Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է չինական China constuction շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւոր կառավարիչի տեղակալ Վէյ Եանի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը, նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ պետութիւն- մասնաւոր հատուած համագործակցութեամբ նախատեսուող ճանապարհաշինական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագիրը:
Վահան Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ ցանկալի կը գտնէ, որ այս եւ այլ ծրագիրներու իրականացման գծով չինական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ գտնուին:
Վէյ Եան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ ներկայացուցած է իրենց կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Ան նշած է, որ China construction-ը կը հանդիսանայ Չինաստանի պետական շինարարական ընկերութիւնը, եւ որ այդ ընկերութիւնը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ շինարարական կազմակերպութիւնը: Ընկերութիւնը կը զբաղի շինարարական եւ նախագծային գործունէութեամբ, աշխատանքներ կը կատարուին բոլոր աշխարհամասերուն վրայ:
Առաջին անգամ ըլլալով Երեւան այցելող այս ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ շինարարական գործունէութիւն ծաւալելու մեծ հնարաւորութիւններ կը տեսնէ:
Վահան Մարտիրոսեան նշած է, որ պետութիւնը պատրաստակամ է համագործակցութեան, եւ նման հեղինակաւոր կազմակերպութիւն ունի բոլոր հնարաւորութիւնները՝ մասնակցելու յառաջիկային յայտարարուող ճանապարհաշինական մրցոյթներուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ