By Asbarez | Friday, 01 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Կարէն Կարապետեան Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբերին, իր գրասենակին մէջ հանդիպեցաւ զուիցերիացի գործարար Ժագոպ Շուլերի հետ, որ Զուիցերիոյ ամէնէն յայտնի գինի արտադրող տուներէն մէկուն՝ Schuler St. Jakobs Kellerei-ի ներկայացուցիչն է:
Ընկերութիւնը գործունէութիւն ծաւալած է Վայոց ձորի մարզի Ռինդ եւ Աղաւնաձոր գիւղերուն մէջ եւ կը պատրաստուի լրացուցիչ ներդրումներ կատարելու՝ ընդլայնելու իր գինեգործական ծրագիրները:
Կարէն Կարապետեան ողջունեց զուիցերիացի գործարարին՝ Հայաստանի մէջ գինեգործութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը եւ կառավարութեան անունով համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց անոր:
<<ՀՀ կառավարութիւնը կարեւորում է, որպէսզի իւրաքանչիւր ներդրող մեր երկրում իրեն լաւ զգայ: Մենք պատրաստ ենք կանգնել ձեր կողքին եւ աջակցել Հայաստանում ձեր բիզնեսի զարգացմանը>>, նշեց վարչապետը:
Շուլեր ներկայացուց Schuler St Jakobs Kellerei-ի գործունէութիւնը եւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է շատ նպաստաւոր միջավայր՝ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Շուլեր ընտանիքը գինեգործութեամբ կը զբաղի աւելի քան 300 տարիէ ի վեր: Schuler St Jakobs Kellerei-ը շարքին է այն գինեգործական այն ձեռնարկութիւններուն, որոնք ունին սեփական գինիի արտադրութիւն եւ վաճառքի ցանցեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ