By Asbarez | Saturday, 02 December 2017
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 1 Դեկտեմբերին ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մօտ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Նախարար Նալբանդեան շնորհաւորեց Թոյվօ Քլաարը՝ իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, յոյս յայտնելով, որ ԵՄ նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչը իր լիազօրութեան ծիրին մէջ, պիտի նպաստէ գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերու կարգաւորման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, կարեւոր նկատուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը՝ շեշտելով, որ անիկա իրաւական ամուր հիմք է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ խորացման համար:
Էդուարդ Նալբանդեան իր զրուցակիցին ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը:
Թոյվօ Քլաար յայտնեց, որ մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իր առաքելութեան եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն՝ ուղղուած Արցախի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերու շուրջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ