By Asbarez | Saturday, 02 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան (ԵՆԴ) միջեւ <<Երեւանի կոշտ թափօններ>> ծրագիրի շրջագիծին մէջ, 1 Դեկտեմբերին ստորագրուեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի ուժանիւթի խնայողութեան եւ շրջակայ միջավայրի գործընկերութեան տարածաշրջանային հիմնադրամի (E5P հիմնադրամ) միջոցներէն 2 միլիոն եուրոյի արժողութեամբ դրամաշնորհի համաձայնագիրը:
Ծրագիրը երեք բաղադրիչներու միջոցով պիտի նպաստէ Երեւանի կենցաղային կոշտ թափօններու կառավարման համակարգի բարելաւման: Առաջին բաղադրիչը նոր, մաքուր պահուող աղբավայրի առաջին երկու գօտիներու եւ օժանդակ ենթակառուցուածքի կառուցումն է: Նոր աղբավայրը, որ պիտի տեղակայուի Նուբարաշէնի աղբավայրի հարեւանութեամբ, Երեւանէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, պիտի նուազեցնէ գործող վնասակար աղբավայրի անբարենպաստ ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրի, հանրային առողջութեան եւ կլիմային վրայ:
Ծրագիրի երկրորդ բաղադրիչը կ՛ընդգրկէ գործող աղբավայրի փակումը եւ վերականգնումը՝ նոր աղբավայրը շահագործման յանձնելէ ետք:
Ծրագիրի երրորդ բաղադրիչը պիտի նպաստէ նախապատրաստման եւ ներդրմանայնպիսի համակարգերու, որոնք կրնան աւելցնել վերամշակման ծաւալները՝ երկարացնելով նոր աղբավայրի օգտակար շահագործման ժամկէտը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ