Եւրոխորհրդարանը կոչ կ՛ընէ արգիլելու դէպի Սէուտական Արաբիա զէնքի մատակարարումները

By Asbarez | Tuesday, 05 December 2017

1205Eparliament

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Եւրոխորհրդարանը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը յանձնարարէ արգիլել զէնքի մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ, որ, իր կարգին, Եւրոպական Միութեան կողմէ կ՛ամբաստանուի Եմէնի մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով։ Բանաձեւը, որ վաւերացուեցաւ 539 թեր, 13 դէմ եւ 81 ձեռնպահ քուէներով, նաեւ կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին՝ Եմէնի հարցին նկատմամբ ռազմավարութիւն մշակելու: Եւրոխորհրդարանը նաեւ կոչ կ՛ընէ մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու Եմէն եւ երկրին մէջ ընթացող տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:


comments

Advertisement