Ռիատի հետ գործակցելու պատրաստ Եմէնի նախկին նախագահը սպաննուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 06 December 2017

1206saleh

ՍԱՆԱԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Եմէնի ներքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 4ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ սպաննուած է։ Սալեհի զաւակը Դեկտեմբեր 5ին հաստատեց իր հօր մահը։

Յիշեցնենք, որ Սալեհ սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին կատարած էր բանակցութեան առաջարկ մը: Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը ողջունած էր անոր առաջարկը, սակայն երկրին հիւսիսը իրենց հակակշիռին տակ առած հուսիներու <<Անսարուլլա>> շարժումի ղեկավար Ապտուլ Մալիք Հուսի, Սալեհը ամբաստանած էր սէուտցիներու կողքին կանգնելու յանցանքով, իսկ անոր սպանութիւնը որակած է <<դաւադրութեան տապալում>>։

Վերջին քանի մը օրերուն, Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն եւ հուսիներուն միջեւ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցած են զինեալ ծանր բախումներ, որոնց ընթացքին է, որ սպաննուած է Սալեհ:

 



comments

Advertisement