Համակիրներ Քիեւի մէջ կ՛ազատեն ձերբակալուած Սահակաշվիլին

By Asbarez | Wednesday, 06 December 2017

1206saakashvili

ՔԻԵՒ, <<Ազատութիւն>> - Վրաստանի նախկին նախագահ, ապա՝ վրացական քաղաքացիութենէն ձերբազատուելով Ուքրանիոյ քաղաքացի դարձած եւ Օտեսայի նախկին նահանգապետը հանդիսացած Միխայէլ Սահակաշվիլին Դեկտեմբեր 5ին իր հազարաւոր համակիրներուն օգնութեամբ կրցաւ դուրս գալ ոստիկանական փոխադրակառքէն։

Ընդդիմադիր գործիչը, որուն դէմ ձերբակալութեան նոր վճիռ արձակուեցաւ աւելի ուշ, ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք կայացած հանրահաւաքի մը ընթացքին, Քիեւի կեդրոնէն կոչ ըրաւ ուքրանացիներուն, որ խաղաղ միջոցներով հասնին իշխանափոխութեան՝ ներկայ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօն <<գող>> եւ <<Ուքրանիոյ դաւաճան>> որակելով:

Սահակաշվիլի ձերբակալուած էր Քրեմլինին մօտիկ շրջանականերու հետ գործակցելով՝ իշխանափոխութեան ապօրինի ծրագիր մը մշակելու յանցանքով։

 



comments

Advertisement