Ռուսիոյ ազգային հաւաքականը կը հեռացուի ձմեռնային ողիմպիականներէն

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

1207rus

ԼՕԶԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէն Դեկտեմբեր 5ին որոշեց Ռուսիոյ ազգային հաւաքականին արտօնութիւն չտալ մասնակցելու 2018ին Հարաւային Քորէայի մէջ կայանալիք Ձմեռնային ողիմպիականներուն՝ պնդելով, որ ռուս մարզիկները նախորդ մրցումներուն արգիլուած նիւթեր գործածած են։ Նաեւ, աւելի քան քսան մարզիկներ ցմահ զրկուած են Ողիմպիական մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքէն, իսկ 11էն խլուած են Սոչիի Ողիմպիական խաղերուն իրենց ստացած մետալները։

Միաժամանակ, կոմիտէն որոշեց արտօնել մասնակցութիւնը այն ռուս մարզիկներուն, որոնք <<զերծ>> են խթանիչ միջոցներէ՝ չէզոք մարզիկի կարգավիճակով։

Մոսկուա Դեկտեմբեր 6ին յայտարարեց, որ առիթ պիտի տայ այս վերջին մարզիկներուն, որ մասնակցին Ողիմպիականներուն։ Անոնք հանդէս պիտի գան Ողիմպիականի դրօշին տակ։

 



comments

Advertisement