Սուլթաններու ժամանակները անցած են. Իսրայէլը՝ Էրտողանին

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

 

1207jeru

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմէնիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Դեկտեմբեր 5ին սպառնացած էր խզել Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը պաշտօնապէս ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ ամերիկեան դեսպանատունը հոն փոխադրէ, քայլեր, զորս Թրամփը առաւ Դեկտեմբեր 6ին։

Էրտողանի այս յայտարարութեան պատասխանած են Իսրայէլի քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք յիշեցուցած են, որ Էրտողան իրաւունք չունի միջամտելու Իսրայէլի ներքին հարցերուն, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ սուլթաններու ժամանակները անցած են։

 



comments

Advertisement