Հարիրի պաշտօնապէս ետ քաշեց իր հրաժարականը

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

1207Hariri_Baabda

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Դեկտեմբեր 5ին պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ետ կը քաշէ իր հրաժարականը՝ հաստատելով, որ կառավարութիւնը կազմող բոլոր ուժերը յանձնառու կը մնան Լիբանանը տագնապներէ, բախումներէ, պատերազմներէ եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերէն հեռու մնալու քաղաքականութեան, որպէսզի երկիրը կարենայ քաղաքական եւ տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ ապահովել արաբական երկիրներուն հետ:

comments

Advertisement