Հայկական Քոչարին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ-նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

Հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ կազմակերպութեան Twitter-ի պաշտօնական էջը:

Քոչարի պարը հայկական ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան բնութագրական դրսեւորումներէն է եւ տարածուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայկական Սփիւռքի ամբողջ տարածքին:

Անիկա աւանդական մշակոյթի այն հազուադէպ դրսեւորումներէն է, որուն սերունդէ-սերունդ փոխանցման շղթան չէ ընդհատուած, կենսունակ է եւ կը մէկտեղէ ազգային ինքնութեան, միասնականութեան ու համերաշխութեան բոլոր դրսեւորումները՝ իբրեւ կատարեալ ժողովրդական ստեղծագործութիւն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի ամէնամեայ նստաշրջանը տեղի կ՛ունենայ 4էն 9 Դեկտեմբերին, Հարաւային Քորէայի Չեճուտօ կղզիին վրայ:

Ատրպէյճանէն ներկայացուած տոլմա ճաշատեսակի պատրաստման բաղադրատոմսը նոյնպէս ընդգրկուած է ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

 

comments

Advertisement