Լաւրով անդրադարձած է Արցախի մէջ ԵԱՀԿի յաւելեալ դիտորդներու տեղադրման հարցին

By Asbarez | Monday, 11 December 2017

1209lavrov nalb

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - ԵԱՀԿի յատուկ ներկայացուցիչը կը փափաքի ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի գրասենեակի դիտորդներուն թիւը աւելցնելու գծով համաձայնութիւն գոյացնել. Դեկտեմբեր 8ին, Վիեննայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

<<Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿի դիտորդներուն թիւը աւելցնելու հարցը քննարկուած է 2016ին, Վիեննայի մէջ կայացած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էին Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները: Այնուհետեւ, հարցը արդէն բարձրացուած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ՝ Յունիսին, նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ նախագահներու հանդիպման ընթացքին: Ապա, սկզբունքային համաձայնութիւնը փոխանցուած է ԵԱՀԿին, եւ գիտեմ, որ ԵԱՀԿի յատուկ ներկայացուցիչը կը ձգտի համաձայնեցնել անոր իրականացման պայմանները>>, յայտարարեց Լաւրով:

Ան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ այս տարի տեղի ունեցած հանդիպումը դրական քայլ համարած է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին համար:

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24րդ նիստի աշխատանքներուն մասնակցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցած է Լաւրովի հետ՝ քննարկելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն օրակարգային հարցերը եւ անդրադարձած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին: Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ ԵԱՀԿի գործունէութեան տարբեր ուղղութիւններուն շուրջ:

Նալբանդեան եւ Լաւրով անդրադարձած են Արցախի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

 


comments

Advertisement