Երուսաղէմի գծով Ամերիկեան որոշումին դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին

By Asbarez | Tuesday, 12 December 2017

1212Awkar

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին աշխարհի տարածքին. Պաղեստինեան իշխանութիւնը պաշտօնապէս մերժեց հանդիպում ունենալ շրջանը այցելող Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ։

Նաեւ, Կազայէն հրթիռարձակումներուն հակադարձելով ռմբակոծումներու դիմած իսրայէլեան օդուժը, առնուազն երկու պաղեստինցիներ եւս սպաննեց, մինչ բողոքի ցոյցերը աւելի քան 50 վիրաւորներ պատճառեցին պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն մէջ։

Մինչ այդ, Երուսաղէմի փոխադրակառքի կեդրոնական կայարանին մէջ պաղեստինցի երիտասարդ մը դաշունահարեց իսրայէլացի ոստիկան մը, ապա ձերբակալուեցաւ տեղւոյն վրայ:

Պաղեստինէն դուրս, ցոյցերէն ամենավայրագը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դիմաց, Աուքարի մէջ։ Խաղաղօրէն սկսած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները դատապարտեցին Երուսաղէմի վերաբերող Թրամփի որոշումը, ապա կարգ մը երիտասարդներ սկսան ապահովութեան ուժերը քարկոծելու՝ տեղի տալով բախումներու, որոնց պատճառով վիրաւորուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու 19 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ 50 ցուցարարներ: Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 10 յանցագործներ, որոնց շարքին կային լիբանանցիներ եւ պաղեստինցիներ:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկան Գահիրէի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Երուսաղէմի հարցին վերաբերող իր արտակարգ նիստի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը մերժէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու որոշումը՝ զայն նկատելով միջազգային օրէնքի եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերու ոտնահարում մը: Նախարարները վերահաստատեցին, որ Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքն է, եւ որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի հաստատուի ա՛յն ժամանակ միայն, երբ հաստատուի անկախ, գերիշխան եւ 1967ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը:

 



comments

Advertisement