Ցեղասպանութիւնը հերքող Էրտողանը չի կրնար դասեր տալ Իսրայէլին. Լափիտ

By Asbarez | Tuesday, 12 December 2017

 

1212yair-lapid

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Իսրայէլի <<Եշ Աթիտ>> (ապագայ կայ) կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ գրած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին փոքրիկներու սպանութեան փաստը, չի կրնար բարոյականութեան դասեր տալ Իսրայէլին: Լափիտ այս հաստատումը կատարած է՝ հակադարձելով Էրտողանի այն պնդումին, թէ Իսրայէլ <<ահաբեկչական պետութիւն>> մըն է:

<<Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Իսրայէլը կ՛անուանէ <<ահաբեկչական պետութիւն, որ փոքրիկներ կը սպաննէ>>: Այն անձը, որ կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին փոքրիկներու սպանդը, մեզի դասեր տալու իրաւունք չունի՛>>, գրած է ան:

Նշենք, որ Լափիտ այս տարուան Յուլիսին դիմած էր Իսրայէլի ղեկավարութեան՝ յորդորելով պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. <<Վարժուած չեմ բարոյականութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ ստանալու ղեկավարէ մը, որ իր երկրին՝ Թուրքիոյ մէջ, քիւրտերուն գիւղերը կը ռմբակոծէ, լրագրողները կը բանտարկէ, Իրանին կ՛օգնէ շրջանցելու պատժամիջոցները, կ՛օժանդակէ ահաբեկիչներուն, ներառեալ՝ Կազայի մէջ գտնուողներուն, եւ անմեղները կը սպաննէ>>։

Յիշենք, որ Էրտողան Իսրայէլի դէմ նշեալ պնդումը կատարած էր՝ հակադարձելով Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին: Ան Իսրայէլի ոստիկանութիւնը մեղադրած էր պաղեստինցի ցուցարարներու դէմ անհաւասար ուժի կիրառման յանցանքով եւ Իսրայէլը անուանած է <<բռնաճնշող եւ բռնագրաւող պետութիւն>>:

Յայտնենք, թէ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք եւ Երուսաղէմի նուիրուած իսլամական երկիրներու արտակարգ վեհաժողով մը, որ պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 13ին։

Միւս կողմէ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ մը գումարած էր Երուսաղէմի հարցով, եւ անոր 15 անդամներէն 14ը քննադատած էին Թրամփի միակողմանի որոշումը:

 



comments

Advertisement