Սուրիա այցելած Փութին հրամայած է Ռուսական զօրքը մասամբ հեռացնել երկրէն

By Asbarez | Tuesday, 12 December 2017

1212putin2

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դէպի Թուրքիա իր կատարած այցէն առաջ՝ Դեկտեմբեր 11ին այցելած է Սուրիա գտնուող Հմէյմիմի ռուսական օդուժի խարիսխը, ուր դիմաւորուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սեր-կէյ Շոյկուի կողմէ։

Ելոյթ ունենալով ռուս զինուորներուն առջեւ՝ Փութին հրամայած է ռուսական զօրքերը երկրէն աստիճանաբար դուրս բերելու գործընթացին սկսիլ, միաժամանակ վստահեցնելով, որ <<եթէ ահաբեկիչները դարձեա՛լ գլուխ բարձրացնեն, մենք անոնց կը հասցնենք այնպիսի հարուած մը,  զոր նախապէս չեն տեսած>>:

Իր կարգին, Ասատ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին՝ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին Ռուսիոյ արդիւնաւէտ մասնակցութեան համար:

 



comments

Advertisement