Պէյրութի մէջ բազմահազար ցուցարարներ դատապարտեցին Թրամփի որոշումը

By Asbarez | Wednesday, 13 December 2017

1213Nassralla

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Ընդառաջելով <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչին՝ հազարաւոր քաղաքացիներ Դեկտեմբեր 11ին ուղղուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձանները՝ մասնակցելու համար Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի զօրակցութեան խաղաղ ցոյցին, որուն ընթացքին դատապարտուեցաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:

Այս առիթով, սէյիտ Նասրալլա յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ Իսրայէլի աւարտին առաջնորդող քայլը: Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի ուխտը կ՛ենթադրէ Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն նեցուկ կանգնիլ, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբութիւններուն տէր կանգնիլ ու պահպանել զանոնք՝ ի՛նչ ալ ըլլան զոհողութիւնները: Իր խօսքը ուղղելով պաղեստինցիներուն՝ ան ըսաւ. <<Եթէ դուք մերժէք ամերիկեան հրահանգներուն ենթարկուիլ եւ հաստատակամութեամբ ու վճռականօրէն պնդէք, որ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է, ապա աշխարհը չի՛ կրնար ձեր հողերն ու Երուսաղէմը խլել ձեզմէ>>:

Նասրալլա նաեւ կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու արաբական կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական եւ ամէն տեսակի յարաբերութիւնները խզեն, ապա աւելցուց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելէ ետք՝ Թրամփ աւելիո՛վ մեկուսացած է։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ Երուսաղէմի կարգավիճակին հարցով Եւրոմիութիւնը հաւատարիմ է միջազգային համաձայնագիրներուն եւ պիտի չփոխէ իր դիրքորոշումը, այնքան ատեն որ իսրայէլացիները եւ պաղեստինցիները չեն համաձայնած քաղաքի վերջնական կարգավիճակին գծով:

Նշենք, որ Մոկերինի  Դեկտեմբեր 11ին հանդիպում մը ունեցած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, որ Թրամփի օրինակին հետեւելու խնդրանք ներկայացուցած էր Եւրոմիութեան: Սակայն, Մոկերինի շեշտեց, թէ Եւրոմիութիւնը երկու երկիրներուն՝ ե՛ւ Իսրայէլի, ե՛ւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը կը նկատէ Երուսաղէմը:

 



comments

Advertisement