Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները զգալիօրէն կը զարգանան

By Asbarez | Wednesday, 13 December 2017

1213putin erdo

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Մինչ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ամէն օր նոր տագնապներ կ՛ապրին, Ռուսիոյ հետ կապերը օրէ օր կը բարելաւուին։ Այս իրողութեան մէկ ցոլացումը հանդիսացաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Դեկտեմբեր 11ի Անգարա այցելութիւնը։ Այս մէկը ութերորդ հանդիպումն էր, որ կ՛իրականանար այս տարի Էրտողանի ու Փութինի միջեւ։

Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամէն օր աւելի կը զարգանան։ <<Այս անգամ ալ մեզ յուզող խնդիրները քննարկեցինք ու հասարակաց տեսանկիւններ ստեղծել ջանացինք>>, ըսաւ Էրտողան։ Անդրադառնալով Երուսաղէմի կարգավիճակին մասին ստեղծուած նոր փոթորիկին՝ ան ըսաւ, որ ամերիկեան որոշումը մեծ յուսախաբութիւն ստեղծած է, միաժամանակ քննադատելով Իսրայէլի կողմէ ցուցաբերուած անհամաչափ հակադարձութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք ցարդ չորս պաղեստինցի սպաննուած է եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են։

Փութին, որ Սուրիա այցելելէ ետք Անգարա հասած էր, իր կարգին քննադատեց Երուսաղէմի մասին ամերիկեան որոշումը՝ զայն <<աապակայունացնող>> որակելով, եւ դիտել տուաւ, որ Պաղեստինի կարգավիճակը իր վերջնական ձեւը կրնայ առնել միա՛յն Իսրայէլի ու Պաղեստինի միջեւ համաձայնութեամբ։

 



comments

Advertisement