Էրտողան Կը Պաշտպանէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Պաղեստինը. Թուրք Լրագրող

By Asbarez | Thursday, 21 December 2017

1220erdogan-abbas

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական Turkishnews.com կայքի լրագրող եւ սիւնակագիր Ահմետ Կիւլեր դատապարտած է Թուրքիոյ նուիրուածութիւնը Պաղեստինին՝ յիշեցնելով, որ Պաղեստին կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Կիւլեր կը նշէ, որ «Պաղեստինի համար Թուրքիան աշխարհը ոտքի կանգնեցուց, Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչցաւ՝ մոռնալով սակայն, որ Պաղեստինը 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ նամականիշ մը հրապարակեց»:

Թուրք լրագրողը կը նշէ նաեւ, որ 2016ի Յունուարին, Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարին մէջ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս ըսած էր, որ հայերը այս երկրին աղն են եւ երբե՛ք պիտի չլքեն այս հողերը՝ Պաղեստինի ժողովուրդին վիճակը նմանցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու վիճակին:

comments