By Asbarez | Friday, 22 December 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններու խումբը (GRECO) նոր զեկոյց մը հրապարակած է, ուր գնահատուած է Հայաստանի կողմէ խորհրդարանի անդամներու, դատաւորներու եւ դատախազներու համակարգի կաշառակերութեան կանխարգիլման վերաբերեալ նախապէս ներկայացուած առաջարկութիւններու իրականացումը:
GRECO-ի փորձագէտները եզրակացուցած են, որ Հայաստան բաւարար չափով կատարած է ներկայացուած 18 առաջարկներէն 5ը: Մնացած առաջարկներէն 12ը մասամբ իրականացած է, մէկը չէ իրականացած:
Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանի անդամներուն, ապա GRECO-ն կը նշէ, որ յառաջընթաց արձանագրուած է խորհրդարանին մէջ օրէնսդրական գործընթացի թափանցիկութեան եւ անհամատեղելիութեան չափանիշներու ներդրման ուղղութեամբ:
Սակայն կը նշուի, որ յետագայ ջանքեր կը պահանջեն խորհրդարանականներու վարքականոնի մշակման եւ խորհրդարանի անդամներու կողմէ բարոյական չափանիշներուն եւ անոնց հետեւելու վերահսկման համակարգի ամրապնդման համար:
Ինչ կը վերաբերի դատաւորներուն, ապա GRECO-ն կ՛ողջունէ Սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք նպաստած են դատական ինքնակառավարման բարեփոխման՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ստեղծման միջոցով: Բացի այդ, դատաւորներու անձեռնմխելիութիւնը կը սահմանափակուի, այսպէս կոչուած, <<գործնական անձեռնմխելիութեամբ>>:
Այնուամենայնիւ, կ՛ակնկալուի, որ աւելի շատ քայլեր ձեռնարկուին դատաւորներու յատուկ դասընթացներու եւ խորհրդատուութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ դատաւորներու նկատմամբ ազդեցութեան ներգործման կամ կարգապահական ընթացակարգերու կիրառման դէմ երաշխիքներու ուղղութեամբ:
GRECO-ի զեկոյցը կը նշէ, որ պէտք է նաեւ արդիւնաւէտ կանոններ մշակուին աւելորդ միջամտութեանց դէմ:
GRECO-ի զեկոյցը կը նշէ, որ յառաջիկայ 18 ամիսներուն ընթացքին առաջարկութիւնները համապատասխանելի մակարդակի հասցնելու համար անհրաժեշտ է յետագայ նշանակալի յառաջընթաց ապահովել: GRECO-ն Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարը հրաւիրած է մինչեւ 30 Յունիս 2019 լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ներկայացնել անկատար առաջարկներու իրականացման վերաբերեալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ