By Asbarez | Friday, 22 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի մէջ, 19էն 20 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 17րդ նիստը:
Ըստ Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նիստի աւարտին ընդունուեցան եզրափակիչ յայտարարութիւն եւ առաջարկներ, որոնք կը հիմնուին Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի 83րդ յօդուածին վրայ:
Ընդունուած փաստաթուղթը կ՛արտացոլէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրման ծիրին մէջ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն ընթացքը երկկողմ եւ բազմակողմ հարթութիւններու վրայ, համագործակցութեան ոլորտներն ու յետագայ ընելիքները:
Փաստաթուղթը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Արցախի հակամարտութեան հարցով ԵՄ յստակ դիրքորոշումը՝ ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերուն աջակցութեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ