By Asbarez | Wednesday, 27 December 2017
ԹԻՖԼԻՍ - Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբերին Վրաստան կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Թիֆլիսի մէջ այցելեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, որմէ ետք մեկնեցաւ «Հերոսներ»ու հրապարակ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին առջեւ:
Այնուհետեւ, Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.ի հետ:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարքին՝ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան պահպանման եւ խորացման գծով անոր աղօթքներուն համար:
Ընդգծելով, որ Հայաստան եւ Վրաստան իրարու հետ կապուած են դարաւոր բարեկամութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ այդ բարեկամութեան աւանդոյթները կառուցուած են քրիստոնէական եւ մշակութային ընդհանուր արժէքներու եւ պատմութեան ամուր հիմքի վրայ:
Հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը կաթողիկոս-պատրիարքին ներկայացուց նախագահ Մարկվելաշվիլիի հետ նախօրէին ունեցած հանդիպման արդիւնքները՝ գոհունակութեամբ նշելով կայացած արդիւնաւէտ քննարկումները եւ ապահովուած համաձայնութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ