By Asbarez | Thursday, 28 December 2017
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Ճգնաժամէ ճգնաժամ։ Ամերիկեան <<Սի.Էն.Էն.>> լրատուական գործակալութիւնը այսպէս որակած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի 2017ի գործելաոճը՝ աւել-ցնելով, որ Թրամփին կարելի է շնորհել <<2017ի ճգնաժամերու հեղինակ>> անունը, նկատի ունենալով մէկէ աւելի ճակատներու վրայ շարունակուող միջազգային հակամարտութիւններուն Ամերիկայի մասնակցութիւնը կամ անոր կողմէ հրահրումը, որոնցմէ վերջինն էր Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու խնդրայարոյց որոշումը։
Ըստ <<Սի.Էն.Էն.>>ի՝ առաջին ճակատը <<Իսլամական պետութեան>> եւ առհասարակ ահաբեկչութեան դէմ Ամերիկայի մղած պայքարն է, որուն ընթացքին թէեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկչական խումբերը պարտութիւն կրեցին, սակայն Ամերիկայի մասնակցութիւնը ջնջին էր, եւ վերջին հաշուով՝ յաղթանակը վերագրուեցաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշնակից Սուրիոյ ու Իրաքի բանակներուն։
Երկրորդ կարեւորագոյն ճակատը Հիւսիսային Քորէայի դէմ թշնամութեան ալիքն էր, որուն ընթացքին Թրամփ ջանք չխնայեց այդ համայնավար երկրի նախագահին զայրոյթը սաստկացնելու եւ զայն մղելու, որ ան Ամերիկայի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելու սպառնալիքներ հնչեցնէ, միաժամանակ բազմացնելով հիւլէական ռումբերու փորձերը։
<<Սի.Էն.Էն.>>ը նաեւ կ՛անդրադառնայ Թրամփի կողմէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին տրուած այն խոստումին, թէ պաղեստինեան հարցին արդար լուծում պիտի տայ եւ Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշումները պիտի յետաձգէ, մինչեւ որ քաղաքական լուծում մը տրուի հակամարտութեան։ Թրամփ, սակայն, միայն ութ ամիս ետք դրժեց իր խոստումը եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալով՝ պատճառ դարձաւ, որ Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը աւելիո՛վ սրի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ