By Asbarez | Thursday, 28 December 2017
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Ֆորպզ>> թերթը, քննելէ ետք աշխարհի մօտաւորապէս 2000 ամենահարուստ անձնաւորութեանց՝ 2017ին ապահոված շահերը, հասած է այն եզրակացութեան, որ ամէնէն մեծ շահը ապահոված է <<Ամազոն>> կայքի հիմնադիր-տնօրէն Ճեֆ Պեզոսը։ Անոր հարստութիւնը 2017ին 33.8 միլիառ տոլարով աճած է՝ հասնելով 98.6 միլիառի։ Երկրորդ դիրքի վրայ է կալուածներու առեւտուրով զբաղող չինացի Հուի Քան Եան, որ <<Էվըրկրենտ>> ընկերութեան սեփականատէրն է եւ որուն հարստութիւնը աւելի քան քառապատկուելով՝ շնորհիւ 27.4 միլիառ տոլար շահին, հասած է 36.5 միլիառ տոլարի։ <<Լուի Վիթոն>> ընկերութեան նախագահ Պեռնար Առնօ իր ապահոված 23.6 միլիառ տոլար շահով՝ երրորդ դիրքի վրայ է, 63.9 միլիառ տոլար ընդհանուր հարստութեամբ, իսկ չորրորդն է <<Ֆէյսպուք>>ի հիմնադիր Մարք Զաքըրպըրկը, որ 2017ին 23.6 միլիառ տոլար շահած է՝ իր հարստութիւնը հասցնելով 72 միլիառ տոլարի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ