By Asbarez | Thursday, 28 December 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, խորհրդարանէն ներս տարուան իր վերջին ելոյթին ընթացքին քննադատական խօսքեր հնչեցուց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հասցէին ու յայտարարեց, որ եթէ իշխանութիւնները շարունակեն նոյն ոգիով շարժիլ, ապա յաւերժական խաւարի պիտի դատապարտեն Թուրքիոյ ժողովուրդը։
Սելինա Տողանի ելոյթին տեսանիւթը հրապարակուեցաւ անոր <<Թուիթըր>>ի էջին վրայ։ Տողան յիշեցուց, որ իրենց նպատակին համար չեն ծախսուիր այն գումարները, որոնք Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ կը տրամադրուին՝ ժողովրդավարացման ուղղեալ նախագիծերու իրականացման համար։
<<Դուք կա՛մ Թուրքիան պիտի տանիք գիտութեան, կրթութեան, արդիականութեան ու ժողովրդավարութեան ճամբով, կա՛մ Թուրքիան պիտի դատապարտէք յաւերժական խաւարի, զոր յետագային ո՛չ մէկ ամավարկով պիտի կրնաք սրբագրել>>, ըսաւ Տողան։ Ան նախապէս պահանջած էր, որ յատուկ հետաքննութիւն իրականանայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար Եւրոմիութենէն ստացուած 2.9 միլիառ եուրօ գումարին գծով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ