Կիւլ կը քննադատէ իշխանութեանց համակիրները անպարտ հռչակող կանոնագրութիւնը

By Asbarez | Thursday, 28 December 2017

1228Abdullah-Gul

ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Մարմարա>>, <<Ակունք>> - Անցեալ տարուան պետական հարուածին ընթացքին բռնութեանց դիմած քաղաքացիներուն կապակցութեամբ վաւերացուած նոր կանոնագրութիւնը մտահոգութիւն պատճառած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր շրջանակներուն եւ նոյնի՛սկ նախորդ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։

Թուրքիոյ վերջին քանի մը օրերու ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը դարձած է օրէնքի համազօր այս կանոնագրութիւնը, որ դատական մարզին մէջ հրատապ բանավէճ ստեղծած է։

Արդարեւ, արտակարգ վիճակէն օգտուելով՝ կառավարութեան կողմէ հռչակուած նոր կանոնագրութիւնը կը նախատեսէ օրինական ամէն տեսակի հետապնդումէ զերծ պահել ա՛յն քաղաքայինները, որոնք Յուլիս 15ի յեղափոխական փորձի գիշերը դէմ եկան ապստամբներուն ու զանազան միջոցներով պաշտպան կանգնեցան իշխանութեան։

Այս կանոնագրութիւնը բաւական վիճելի է, որովհետեւ տակնուվրայ կ՛ընէ դատական համակարգը ու կրնայ պաշտպանութիւն ապահովել կարգ մը յանցագործներու եւ յանցագործութիւններու՝ ըստ ընդդիմադիրներուն։

Կիւլ եւս մտահոգութիւն յայտնած է այս կապակցութեամբ, եւ իշխանութիւնները հարկ զգացած են բացատրութիւններ տալու անոր։

Կիւլ ազդարարած է, թէ Էրտողանի ու անոր կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը կրնայ մօտ ապագային անդառնալի հետեւանքներ ունենալ, եւ Թուրքիա կրնայ բախուիլ իրավիճակի մը, որ՝ <<տխո՛ւր պիտի ըլլայ բոլորին համար>>:

Ան նաեւ քննադատած է պետական հարուածի պատասխանատուները պատժելու պատրուակով շարունակուող պաշտօնազրկումները։

Միայն ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Պահչելի այս հարցին կապակցութեամբ պաշտպան կանգնեցաւ իշխող կուսակցութեան սոյն քայլին։

 



comments