By Asbarez | Thursday, 28 December 2017
Արցախ այցելելուն համար Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած լրագրող-պլոկըր, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշին 2018 թուականը յայտարարած է Ատրպէյճանը պատժելու տարի:
Այս մասին ան գրած է <<ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ՝ ակնարկելով նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ իր դէմ անարդար կերպով դատական գործ յարուցելու ու դատապարտելու գործով պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
<<Հայ ընկերներս հրէական անեքտոթը ժամանակակից տեսքի բերած են. <<Լափշին կը սիրէր Ատրպէյճանը եւ անոր ու իշխանութիւններուն միջեւ միակ տարաձայնութիւնը գիւղատնտեսութեան հարցով էր: Ի՞նչ կապ ունի գիւղատնտեսութիւնը: Անոնք կը փափաքէին, որ Լափշին պառկի իրենց հողին վրայ, իսկ Լափշին կը փափաքէր, որ անոնք այդտեղ պառկէին>>: Սակայն ես հայ ընկերներուս ուղղելով՝ ըսի, որ ինծի համար բաւարար է Սթրազպուրկի դատարանին միջոցով գումար ստանալ Ատրպէյճանէն, իսկ հողը անոնք՝ իրենք իրենց ձեռքով արդէն դրած են: 2018 թուականը կը հռչակեմ Ատրպէյճանը պատժելու տարի>>, կը գրէ Լափշին:
Յիշեցնենք, որ Լափշին 2016 ձերբակալուեցաւ Պելոռուսի մէջ՝ Ատրպէյճանի պահանջով Պաքուն զայն <<Սեւ ցուցակ>>ին մէջ ներառած էր, առանց իրենց հետ համաձայնեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելու պատճառով: 11 Սեպտեմբեր 2017ին Իլհամ Ալիեւ ներում շնորհեց Լափշինին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ