By Asbarez | Thursday, 28 December 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Արմռադիօ>> - Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպումին:
Պետութիւններու ղեկավարները հանդիպման ընթացքին ամփոփեցին ԱՊՀի 2017ի ռուսական նախագահութեան արդիւնքները եւ միտքեր փոխանակեցին զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերու շուրջ:
Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ հանդիպման մասնակցիներուն ընդգծեց Ռուսիոյ կայունացնող եւ միաւորող դերը: Նախագահը յայտնեց, որ այս տարի Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած տնտեսական դրական միտումները դրականօրէն ազդած են նաեւ Հայաստանի ընդհանուր տնտեսական վիճակին վրայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ