Քիւրտ ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին Սոչիի համագումարին

By Asbarez | Friday, 29 December 2017

1229sipan-hemo

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Քրտական Ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սիփան Հեմօ յայտարարած է, թէ Ռուսիա խոստացած է, որ որոշ թիւով քիւրտեր հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու Սոչիի մէջ յառաջիկայ ամիս գումարուելիք միջսուրիական համաժողովին: Հեմօ նշած է, որ ռուսական խոստումին համաձայն՝ քիւրտերէ եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակիչներէն կազմուած 155 հոգինոց պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Սոչիի համագումարին, հակառակ թրքական կողմի ընդդիմութեան:

<<Ռուսիա նշեց, որ քիւրտերը Սուրիոյ ժողովուրդին հիմնական մասնիկն են, եւ ինք արգելք չի տեսներ քիւրտերու մասնակցութեան մէջ: Ա՛յս էր իր տուած խոստումը>>, ըսած է քիւրտ ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա կը փորձէ խանգարել Սոչիի համագումարին կազմակերպումը:

 



comments