By Asbarez | Friday, 29 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 28ին պատասխանած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ նախագահ Ասատ <<ահաբեկիչ>> մըն է:
<<Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործած իր կոտորածները եւ դաժանութիւնները ծածկելու նպատակով, Էրտողան կը շարունակէ թուրք ժողովուրդն ու հասարակութիւնը շփոթի մատնել, ինչպէս նաեւ անհիմն յայտարարութիւններ ընել>>, նշուած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ՝ ըստ <<Հապերսօլ>> կայքին:
Թունուզ այցելութեան ընթացքին Էրտողան ըսած էր. <<Չենք ընդունիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը: Ասատ չի կրնար Սուրիոյ լուծումին մաս կազմել: Ասատ Սուրիան քանդեց եւ պէտք է խաղէն հեռանայ։ Ասատ պետական ահաբեկչութիւն գործեց. ան ահաբեկիչ մըն է եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել, որովհետեւ զոհերն ու անոնց հարազատները անիրաւած կ՛ըլլանք, եթէ Ասատը ընդունինք իբրեւ Սուրիոյ իշխող նախագահ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ