By Asbarez | Wednesday, 03 January 2018
5րդ օրն ըլլալով, Իրանի մէջ բողոքի հաւաքները կը շարունակուին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ <<Պի.Պի.Սի.>>ի արաբական կայանը՝ նշելով, որ Երկուշաբթի գիշեր արտակարգ դէպքեր արձանագրուած են յատկապէս Իսֆահանի մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ խռովարարներ զէնքի տիրանալու նպատակով, յարձակած են քաղաքի զինուորական կեդրոնի մը վրայ եւ բախումի ունեցած տեղւոյն ապահովական մարմիններուն հետ, որուն հետեւանքով սպաննուած են գրոհը կատարողներէն վեց անձեր:
Իրանեան աղբիւրներ, իրենց կարգին, կը հաղորդեն, որ երկրին մէջ խռովութիւններ կատարող կասկածելիներէն 450ը ձերբակալուած է եւ ապահովական մարմիններ պիտի շարունակեն խիստ ձեւով վարուիլ ապօրինի կերպով անօրինականութիւններ գործողներուն հանդէպ:
Ըստ վերջին տուեալներուն՝ անցած հինգ օրերուն ընթացքին, Իրանի զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին զոհուած անձերուն թիւը հասած է 22ի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ