Լափշին շուտով Հայաստան պիտի այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 03 January 2018

0103lapshin

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - 7 ամիս ատրպէյճանական բանտին մէջ անցուցած ապա Իսրայէլին արտայանձնուած ռուսահպատակ լրագրող Ալեքսանդր Լափշին մտադիր է դարձեալ Հայաստան այցելել:

<<Ինծի կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ գտնուած եմ, կամ գրեթէ ամէն տեղ: Շատ հետաքրքրական մարզ մը է Սիւնիքը. անիկա կը գտնուի երկրի հարաւը՝ հիւսիսէն Արցախի, արեւելքէն Նախիջեւանի եւ հարաւէն Իրանի միջեւ: Այնտեղ հիասքանչ լեռներ կան, կիրճեր, ջրվէժներ եւ Հայաստանի ամենավտանգաւոր ճանապարհը։ Շատ շուտով Հայաստան կ՛այցելեմ, կ՛աշխատիմ մեքենայ վարձել ու կ՛ուղեւորուիմ այնտեղ: Պարտաւոր եմ յաղթահարել այդ ճանապարհը, շատ կը փափքիմ, որ նոյնիսկ ուտելու դժուարութիւն ունիմ>>, կը գրէ Լափշին իր <<ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ:

 



comments