Իտլիպ ներխուժած Թրքական ուժերը Սուրիական ուժերու յարձակման թիրախ կը դառնան

By Asbarez | Wednesday, 10 January 2018

ԱՆԳԱՐԱ, Ռոյթըրզ - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Յունուար 9ին քննադատեց սուրիական ուժերուն յարձակումը՝ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգը ներխուժած թրքական ուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն վրայ։

Նախարարը պնդեց, թէ նման գործողութիւններ կրնան վնաս հասցնել զինադադար հաստատելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն՝ ակնարկելով Սոչիի մէջ ամսուան վերջաւորութեան տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն։

Ըստ թրքական զինուորական աղբիւրներու՝ սուրիական բանակի յարձակումէն թրքական ուժերը մարդկային վնասներ չեն կրած։

Սուրիական բանակը Իտլիպ նահանգին մէջ «Նուսրա ճակատ»ի զինեալներու հակակշիռին տակ գտնուող տարածքները կը փորձէ վերագրաւել։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 13ի գիշերը, Թուրքիոյ զինուորական ուժեր ներխուժած էին Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգը՝ հոն «ապահովական գօտի» հաստատելու համար։

comments

Advertisement