By Asbarez | Tuesday, 13 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճան բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն՝ աւարներուն, լեզգիներուն, թալիշներուն եւ ռութուլներուն, կոչ ուղղուած է չմասնակցելու ղարաբաղեան «ճակատ»ի գործողութիւններուն:
Փաստաթուղթի հեղինակները մասնաւորապէս կը նշեն. «Արդէն 20 տարիէն աւելի է մեր պատանիները վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց երիտասարդ կեանքը եւ կը զոհուին յանուն Ատրպէյճանի շահերուն։ Կը զոհուին իրենք, կը սպաննեն մեր դարաւոր հարեւանները՝ հայերը, եւ այդ բոլորը՝ Պաքուի իշխանութիւնը մեր հայրենիքին մէջ ամրապնդելու համար: Ոչ ոք աշխարհի մէջ կրնայ մեզի բացատրել, թէ ինչո՞ւ լեզգիները, թալիշները, աւարները, ցախուրները, ուդիները եւ ռութուլները պէտք է կռուին հայկական լեռներուն մէջ: Պաքուն կը պնդէ, որ մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր հայրենիքը: Բայց միթէ Ղարաբա՞ղը մեր հայրենիքն է եւ միթէ հայե՞րը մեր թշնամիներն են»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ