Սուրիոյ մէջ Ռուսական ռազմակայանին վրայ յարձակումը սկսած է Իտլիպէն. Մոսկուա

By Asbarez | Friday, 12 January 2018

0112drones syria

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Յունուար 11ին ցուցադրեց ռուսական ուժերուն կողմէ զգետնուած անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը, որ օգտագործուած էր անցեալ շաբաթ, Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին եւ Թարթուսի ծովային խարիսխին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին։

Մոսկուա շաշտեց, թէ յարձակումը սկսած է Իտլիպէն, ուր ապաստանած են Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող զինեալ խմբաւորումներ, որոնց մէկ մասը կը վայելէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։ Առանց անուն տալու, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ օտար ուժեր մեղսակից են ռուսական դիրքերու դէմ յարձակումին, միաժամանակ նշելով, որ յարձակումի պահուն օդային տարածքին մէջ հերթապահութիւն կը կատարէր ամերիկեան հետախուզական օդանաւ մը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. <<Տարօրինակ զուգադիպութիւն է. ինչո՞ւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական կառոյցներու վրայ ահաբեկիչներու անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման պահուն՝ Միջերկրական ծովուն վրայ 4 ժամէն աւելի 7000 մեթր բարձրութեամբ հերթապահութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժին պատկանող օդանաւը>>։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ մեկնաբանած է Փենթակոնի յայտարարութիւնը՝ բաց շուկայի մէջ հասանելի այնպիսի ճարտարագիտութիւններու մասին, որոնք օգտագործուած են ռուսական ռազմակայանին դէմ յարձակումը կատարելու ընթացքին:

<<Ի՞նչ ճարտարագիտութիւններու մասին է խօսքը. ո՞ւր կը գտնուի տուեալ <<շուկան>> եւ ի՞նչ գաղտնի սպասարկութիւններ կը զբաղին համաշխարհային հետախուզութեան տուեալներու առեւտուրով>>, հարց տուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշենք, որ անօդաչու թռչող սարքերը Յունուար 6ի գիշերը Թարթուսի մէջ ռուսական զինուորական կառոյցներու եւ Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ յարձակում գործած էին: Օրին հաղորդուած էր, որ ռուսական պատերազմական օդանաւեր վնասուած են, սակայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այդ լուրը:

 



comments

Advertisement