Էրտողան-Պահչելի յարաբերութեանց սերտացումը հարցականի տակ

By Asbarez | Friday, 12 January 2018

 

0112bahceli-erdogan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յունուար 10ի երեկոյեան Անգարայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիին, որ այս օրերուն Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ առաջին կարգի վրայ է՝ 2019ի նախագահական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ իր յայտարարութիւններուն բերումով։ Արդարեւ, Պահչելի ըսած է, որ ինք թեկնածու չէ՛ նախագահութեան, եւ թէ իր կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի Էրտողանի ընտրութեան։

Պահչելի-Էրտողան այս մերձեցումը կրկնակի իմաստ կը ստանայ, եթէ նկատի առնուի այն փաստը, որ փոխարէնը՝ հեռացում մը կ՛արձանագրուի Էրտողանի ու նախորդ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի միջեւ։

Պահչելիի այս անսովոր զօրակցութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է ընդդիմադիր շրջանակներէն ներս, սակայն նոյնքան ալ մեծ գոհունակութիւն՝ իշխող կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ։ Արդարեւ, Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց այս զօրակցութեան համար ու Պահչելին պալատ հրաւիրեց։ Սակայն, Էրտողան-Պահչելի տեսակցութիւնը հազիւ կէս ժամուան հանդիպում մը եղած է. բան մը, որ զարմանք պատճառած է քաղաքական շրջանակներուն։

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր հանրապետական շրջանակէն որոշ մարդիկ կրակ կը ժայթքեն Պահչելիի դէմ, մինչ ուրիշներ հեգնանքով կը յանձնարարեն, որ Ազգայնամոլ շարժում կուսակցութիւնը իր դրան վրայ կախէ ցուցատախտակ մը, ուր գրուած ըլլայ՝ <<Մեր ղեկավարը խելագարած է. այս պատճառաւ ալ փա՛կ ենք>>։

Քաղաքական մեկնաբաններ կը դժուարանան հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ ընել կ՛ուզէ Պահչելին՝ իշխանութեան նմանօրինակ զօրակցութիւն մը խոստանալով։

 



comments

Advertisement