Ազգային Ժողովի յանձնաժողովը հաստատեց Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը դատապարտող նախագիծ

By Asbarez | Friday, 12 January 2018

0112armenashotian

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ Օգոստոս 2014ին Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան նախագիծին:

<<Նման հարցերը կարեւոր են թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական տեսակէտներից: Լինելով ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, մենք լաւագոյնս ենք հասկանում մեր բարեկամ եզդի ժողովրդի վիշտը>>, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան:


comments

Advertisement