By Asbarez | Saturday, 13 January 2018
<<Հայերն Այսօր>> - Յայտնի արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան կը պատրաստուի իր գործարարութեան կառավարումը զարմիկին՝ Մարտին Էռնեկեանին փոխանցելու: Այս մասին ան յայտնեց <<Պլումպըրկ>> լրատուական ընկերութեան (Bloomberg) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Գործարարը կը պատրաստուի Յունուարի վերջաւորութեան վաճառել Corporacion America Airports SA ընկերակցութեան բաժնետոմսերը։ Անոր կը պատկանի աշխարհի մէջ 51 օդակայաններու կառավարման պայմանագիրը (մենաշնորհ-Հ.Ա): Բաժնետոմսերու արժէքը 750 միլիոն տոլար է: Անոր 39ամեայ զարմիկը պիտի զբաղի վաճառքով եւ պիտի կանգնի Էռնեկեանի գործառնութեան ղեկին: <<Ես այս գործարքին կը հետեւիմ այս ամիս, եւ օդակայաններուն մէջ իմ գործը կ՛աւարտի>>, յայտարարեց Է. Էռնեկեան:
Բաժնետոմսերու վաճառքը Էռնեկեանի համար նոր փուլի մը սկիզբը կը նշէ: <<Սակայն 85ամեայ ձեռներէցը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք դեռեւս ամէն օր կը լողայ եւ եոկայով կը զբաղի, տեսադաշտէն չ՛անհետանար: Որդին հայ գաղթականներու, որոնք փախած էին 20րդ դարասկիզբի Ցեղասպանութենէն, կը նշէ, որ ամէնօրեայ պարտականութիւններու փոխանցումը զինք կ՛ազատէ գործարարութեան նոր ուղղութիւնները ուսումնասիրելու համար>>, ըստ <<Նիուզ>>ի՝ նշուած է յօդուածին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ