Էսթոնիան եղաւ առաջինը` Հայաստան – Եւրոպական միութիւն համաձայնագիրը վաւերացնող

By Aztag Daily | Sunday, 14 January 2018



Էսթոնիան վաւերացուցած է Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը` այդպիսով դառնալով Եւրոպական Միութեան 28 անդամ պետութիւններէն առաջինը, որ իր համաձայնութիւնը տուած է փաստաթուղթին:

<<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին այս տեղեկութիւնը փոխանցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` մանրամասնելով, որ մայրաքաղաք Թալլինէն ստացուած է համապատասխան պաշտօնական գրութիւն, ըստ որուն, Էսթոնիան աւարտած է Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի` ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ բոլոր ընթացակարգերը:

Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեան օրեր առաջ <<Ազատութեան>> յայտնած էր, որ Հայաստանի խորհրդարանը, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ մարտի վերջը պիտի վաւերացնէ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

comments

Advertisement