Թուրքիոյ Քեմալական կուսակցութեան անդամը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018


ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Մարմարա>>, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ քեմալականներու Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլու, 2012ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող գրառում մը կատարած է <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ:

Նշենք, որ անցած շաբաթավերջին գումարուեցաւ նշեալ կուսակցութեան համաժողովը, որուն ընթացքին Քաֆթանճըօղլու նոյն կուսակցութեան՝ Պոլսոյ նահանգի պետը նշանակուեցաւ։ Այս նշանակումէն ետք անոր անունը քննադատութիւններու եւ ծանր մեղադրանքներու նշաւակ դարձաւ։

Թրքական <<Էճեհապեր>> լրատուամիջոցը անդրադարձաւ Քաֆթանճըօղլուի կողմէ վերջին տարիներու աղմկայարոյց յայտարարութիւններուն, որոնք տեղ գտած են ընկերային ցանցերու վրայ: Մասնաւորապէս՝ 2012ի Ապրիլ 24ին, ան <<Թուիթըր>>ի վրայ գրած էր. <<Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է: Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ կ՛ոգեկոչենք կոտորուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը։ Թուրք ըլլալու փոխարէն՝ մա՛րդ ըլլալը պատիւ է>>։

Մէկ այլ գրառումի մէջ, ան նշած է. <<(Քրտամէտ) Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ հանրապետականներու դաշինքը քննադատողները մտաւոր յետամնացներ են>>: Ան դէմ արտայայտուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ յայտնի՝ <<Մուսթաֆա Քեմալի զինուորներն ենք>> արտայայտութեան:

Ուրիշներու կողքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յունուար 16ին քննադատեց յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Քաֆթանճըօղլուի գրառումը՝ նշելով. <<Քաֆթանճըօղլու Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը կիրառելով՝ կը նսեմացնէ մեր ազգն ու պատմութիւնը>>:

 

comments

Advertisement