Ցեղասպանութիւնը պէտք է ձգել պատմաբաններուն. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018



ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Գանատայի մէջ մասնակցած է Քորէական պատերազմին (1951-1953) մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին:

Թրքական <<Մայնեթ>> լրատուամիջոցը կը գրէ, թէ այդ ժողովը մեկնաբանող լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին, Չաւուշօղլու անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:

<<Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ վերջինիս խորհրդարանը ոչ մէկու պատմութեան մասին որոշում կը կայացնէ: Այդ բոլորին սկզբունքօրէն դէմ ենք: Մասնաւորապէս պատմական հարցերը պէտք է ձգել պատմաբաններուն: Պատմական հարցերով որոշումներ ընդունիլ կարենալու համար, նաեւ պէտք է ըլլան դատարանի որոշումներ: Օրինակ՝ ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ծանօթագրական, այլ իրաւական արտայայտութիւն է>>, ըսած է ան:

Չաւուշօղլու նաեւ ընդգծած է, որ հայկական լոպին Գանատայի մէջ <<բուռն գործունէութիւն>> կը ծաւալէ:

comments

Advertisement