Եւրոմիութիւնը կը քննադատէ Ատրպէյճանցի լրագրողի մը դէմ արձակուած վճիռը

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018



ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Ատրպէյճանցի լրագրող Աֆղան Մուխթարլըն վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտելու վճիռը լուրջ հարցականներ կը ստեղծէ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային տարրական իրաւունքներու, ներառեալ՝ կարծիքներու արտայայտման ու լրատուամիջոցներու ազատութիւնը յարգելու առնչութեամբ:

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան բանբերը ըսած է. <<Վրաստանի մէջ Մուխթարլըի ենթադրեալ առեւանգումը, որ ուղեկցուած է անոր ձերբակալութեամբ եւ Ատրպէյճանի մէջ դատական հետապնդումով, մանրակրկիտ ու թափանցիկ հետաքննութիւն կը պահանջէ: Այդ քննութեան պէտք է յաջորդէ համապատասխան բոլոր անձերու ազատութիւնը՝ երկրին ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն>>:

 

comments

Advertisement