2018ին Կը ծրագրուին Հայ-Ամերիկեան պաշտպանական խորհրդակցութիւններ

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018


ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմինֆօ>> - Երեքշաբթի, 16 Յունուարին, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Կողմերը ամփոփեցին պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ծիրին մէջ 2017ին կատարուած աշխատանքները եւ նախանշեցին 2018ի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 2018ին Երեւանի մէջ հայ-ամերիկեան երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան համառօտ կերպով ներկայացուց այն ուղղութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկուին զինուած ուժերու արդիականացման 7ամեայ ծրագիրին մէջ եւ որոնց շուրջ կ՛ակնկալուի զարգացնել համագործակցութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ:

 

comments

Advertisement