Հայաստան ընդգրկուած է ՄԱԿի պատուոյ ցանկին վրայ

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018



Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներառնուած է ՄԱԿի 2018ի պատուոյ ցանկին վրայ (Honour roll)՝ կազմակերպութեան պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ կատարած իր անդամավճարներուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Յունուար 2018ին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿի կանոնաւոր ամավարկին փոխանցուած է 145,843 տոլար՝ իբրեւ ՄԱԿին Հայաստանի անդամակցութեան 2018ի տարեկան անդամավճար:

Պատուոյ ցանկին վրայ կ՛ընդգրկուին այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին 30 աշխատանքային օրերուն ընթացքին ՄԱԿի պիիտճէին ամբողջութեամբ կը վճարեն իրենց անդամակցութեան ֆինանսական պարտաւորութիւնները:

10 Յունուար 2018ի դրութեամբ, պատուոյ ցանկին վրայ ներառնուած են ՄԱԿի 193 անդամ երկիրներէն 7ը:

 

comments

Advertisement