Թուրքիա կը ռմբակոծէ Աֆրինի մէջ Քիւրտերու դիրքերը

By Asbarez | Thursday, 18 January 2018

0118afrin

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, <<Էրմենիհապեր>>, <<Պի.Պի.Սի.>> - Սուրիոյ Աֆրին նահանգը ներխուժելու պատրաստուող Թուրքիոյ զինուած ուժերը Յունուար 17ին ռմբակոծած են շրջանին մէջ հաստատուած քրտական Ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու կարգ մը դիրքեր:

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատու գործակալութեան՝ յարձակումին իբրեւ հետեւանք սպաննուած են մօտաւորապէս 30 քիւրտ զինեալներ եւ ոչնչացուած են անոնց քանի մը թաքստոցները:

Սուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող <<Սուրիական ազատ բանակ>>ի զինեալները եւ թուրք զինուորները հրամանի կը սպասեն, որ ցամաքային գործողութիւններու եւս սկսին Աֆրինի մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու նոյն օրը յայտարարած է, որ իրենց զինուած ուժերուն գործողութիւնները պիտի չսահմանափակուին միայն քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Աֆրինի վրայ յարձակումով: Ըստ <<Անատոլու>>ի՝ ան նշած է, որ Անգարա նպատակ ունի Սուրիոյ քրտական զինուած ուժերուն դէմ գործողութիւններ իրականացնել նաեւ սուրիական Մընպեճ քաղաքին եւ Եփրատ գետէն արեւելք գտնուող շրջաններուն մէջ: Ի դէպ, Մընպեճը եւս կը գտնուի քիւրտերու վերահսկողութեան տակ:

Միաժամանակ, ան կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ հրաժարին այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վնաս հասցնել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:

Նշենք, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ քրտական եւ արաբական ուժերէն նոր զօրախումբ մը ստեղծելու մասին որոշում կայացուցած է՝ սահմաններու պաշտպանութեան համար, սակայն անոր կտրականապէս դէմ արտայայտուած է Թուրքիան, որ քրտական ուժերը կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Չաւուշօղլու դարձեալ պահանջած է, որ քիւրտերուն տրամադրուած ամերիկեան զէնքերը անյապաղ ետ վերցուին:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի բանբեր Ռայըն Տիլըն յայտարարեց. <<Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ՛: Կը շարունակենք <<Իսլամական պետութեան>> մնացորդացին դէմ յաղթանակ արձանագրելու նպատակով՝ Եփրատի միջին հովիտի ու մասնաւորաբար Պուքամալի հիւսիսը, ինչպէս նաեւ Եփրատ գետի արեւելքը գտնուող տարածքներուն մէջ աջակցութիւն տրամադրել մեր գործընկերներուն>>:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. <<Աֆրինի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերուն դէմ գործողութիւնը պիտի կայանայ սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ: Այս պայքարը անո՛նց համար է>>:

Ըստ թրքական զինուորական աղբիւրներու՝ <<Սուրիական ազատ բանակ>>ը, որ Օգոստոս 2016ին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնած <<Եփրատի վահան>> զինուորական գործողութենէն ետք իր դիրքերը կը պահպանէ Աֆրինէն դէպի արեւելք գտնուող Ճարապլոս շրջանին մէջ, կրնայ առաջին հարուածը տալ քրտական ջոկատներուն: Աւելի ուշ, զրահապատ մեքենաներով եւ հրասայլերով՝ Իտլիպէն անոնց պիտի միանան թրքական զինեալ ուժերը:

Կը նշուի, որ Թուրքիա նաեւ նպատակ ունի գրաւելու տեղւոյն զինուորական օդակայանը՝ քիւրտ զինեալները զրկելով օդային աջակցութենէ:

 



comments

Advertisement