Ֆրանսա եւ Ատրպէյճան քննած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը

By Asbarez | Thursday, 18 January 2018

0118azr france

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Յունուար 17ին Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից ԺանԻվ լը Տրիանի հետ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկած են նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները: Մամետեարով իր ֆրանսացի գործընկերը տեղեկացուցած է բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն մասին:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 18ին, Քրաքովի մէջ (Լեհաստան), ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:

 



comments