Քիւրտ զինեալներու հետ Ամերիկեան գործակցութեան նպատակը Թուրքիոյ ազդեցութիւնը տկարացնելն է. Եըլտըրըմ

By Asbarez | Friday, 19 January 2018

 

0119Yildirim

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ, համագործակցելով Սուրիոյ մէջ գործող քիւրտ զինեալներու հետ՝ կը հետապնդէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ուժն ու ազդեցութիւնը տկարացնելու նպատակը. այս մասին կը գրէ թրքական <<Հապերթիւրք>> կայքը:

Անդրադառնալով ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին կողմէ աւելի քան 30 հազար քիւրտ զինեալներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ մէջ սահմանային ապահովութեան ուժերու ստեղծման ծրագիրներուն՝ Եըլտըրըմ շեշտած է, թէ նման ուժ մը ի վիճակի չէ՛ սահմանը պաշտպանելու:

<<ՆԱԹՕի սահմանները այս ահաբեկիչնե՞րը պիտի պաշտպանեն: Մե՛նք պիտի պաշտպանենք մեր սահմանները: Այս օրերուն է, որ կ՛երեւին իրական եւ կեղծ բարեկամները: Մենք մեր դաշնակիցին բացայայտ կոչ կ՛ուղղենք. յստակ դիրքորոշում որդեգրեցէք՝ ձեր դաշնակիցին հե՞տ կը գործակցիք, թէ մեր գլուխը այդքան ցաւցուցած այդ ահաբեկիչներուն: Այս որոշումին կայացումը մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունի>>, ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

 



comments

Advertisement