Պաքու կը քննադատէ Արցախ այցելութեանց դէմ արգելքը վերացնելու Փալոնի բանաձեւը

By Asbarez | Saturday, 20 January 2018

0120hajiyev

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ Յունուար 19ին յայտարարեց, թէ Արցախ այցելութեանց դէմ արգելքը վերացնելու առնչուող ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի առաջադրած բանաձեւը կատարուած է <<ազգայնամոլ կազմակերպութիւն հանդիսացող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ>>ին պատուէրով՝ պնդելով, որ անիկա նպատակ ունի ձախողութեան մատնել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ շարունակուող բանակցութիւնները։

Հաճիեւ ընդգծեց, որ Փալոն կ՛աջակցի <<Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած Հայաստանի ռազմական բռնարարքներուն, ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման եւ աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներու տեղահանման>>:

<<Կոչ ընելով այցելել ահաբեկչական վարչակարգի վերահսկողութեան տակ գտնուող գրաւեալ տարածքները՝ ան (Փալոն) վտանգի տակ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կեանքը>>, ընդգծած է Հաճիեւ:

 

 


comments